2015-02-05 09:36:34

Իտալացի քահանայ` Հայր Անտրէա Սանթորոյի մահուան 9-րդ տարելիցը։


(Ռատիօ Վատիկան) 5 Փետրուար 2006ին մինչ կ՝աղօթէր թուրքիոյ սեւ ծովեան Թրապզոն քաղաքի Սուրբ Մարիամի անուան նուիրուած Եկեղեցիին մէջ, հրացանի երկու գնդակով կը սպաննուէր իտալացի քահանայ Հայր Անտրէա Սանթորոն։
Այսօր` 5 փետրուար 2015-ին կը յիշատակուի Հայր Անտրէայի մահուան իններորդ տարելիցը։
Հայր Անտրէա կ՝ըսէր ''քրիստոնէական ինքնութիւնը հողամասային ինքնութիւն մը չէ եւ ոչ ալ պարզապէս մշակութային։ Քրիստոնէական ինքնութիւնը աւետարանական ինքնութիւն մըն է, այն է Քրիստոսի աղը մեր մէջ եւ մեր փոխակերպումը իր մէջ......Քրիստոսի տեսանելիութիւնը մեր միջոցաւ եւ Աւետարանի վկայութիւնը մեր էութեամբ, մեր զգացողութեամբ ու մեր կենցաղով''։








All the contents on this site are copyrighted ©.